ՎԱՏԻԿԱՆ.- Յունիս 12-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Փրանկիսկոս Պապին հետ:
Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.-
ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:
բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:
գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` գործօն ներկայութեամբ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:
դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ե) Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:
զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը` միջազգային երաշխաւորութեամբ: